image

«Խնդիր է դրուած եղել, որ Պէյրութում տեղի ունեցածից յետոյ ՀՀ-ում նման բան չլինի». Փաշինեան

«Խնդիր է դրուած եղել, որ Պէյրութում տեղի ունեցածից յետոյ ՀՀ-ում նման բան չլինի». Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կառավարութեան նիստին անդրադառնալով «Սուրմալու»ի մէջ տեղի ունեցած պայթումի դէպքին, Պետական վերահսկողական ծառայութեան յանձնարարած է ստուգել, թէ ինչպէս կատարած են իր` 2 տարի առաջ տուած յանձնարարականը։

Ան նշած է, որ 2020-ի Օգոստոսին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք յանձնարարական տուած է գերատեսչութիւններուն, որ տեղեկութիւններ հաւաքեն այն կառոյցներու մասին, որոնք գործ ունին պայթիւնավտանգ նիւթերու հետ եւ ուր կրնան ըլլալ նման նիւթեր։

«Առաջին գործողութիւնը, որն արել եմ դրանից յետոյ, արուած աշխատանքի հաշուետւութիւն եմ ուզել, որը հիմա ամփոփւում է։ Հիմա Պետական վերահսկողական ծառայութիւնը (ՊՎԾ) յանձնարարում եմ, որ ստուգեն, թէ իմ տուած յանձնարարականն ինչպէս է կատարուել։ Խնդիրը դրուած է եղել այնպէս, որ Պէյրութում տեղի ունեցածից յետոյ Հայաստանում նման բան տեղի չունենայ»,–ըսած է Փաշինեան։

Ան նշած է նաեւ` տեղեակ է, որ հրդեհային եւ տեխնիկական անվտանգութեան տեսչական մարմինը 2021-ի գարնան ստուգումներ ըրած է «Սուրմալու»ի մէջ եւ խախտումներ գտած։ Փաշինեան յանձնարարական տուած է, որ հրավտանգ նիւթերու ներմուծումը, արտադրութիւնն ու օգտագործումը միայն արտօնութիւն ունեցող ընկերութիւններն իրականացնեն։

Փաշինեանն իր խօսքի աւարտին ցաւակցած է զոհուածներու ընտանիքներուն։

Յիշեցնենք` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթում տեղի ունեցած է 14 օգոստոսին՝ մօտաւորապէս 13։23-ին։ Այս պահուն յայտնի է, որ 16 մարդ մահացած է, 2 քաղաքացի դեռ կ'որոնուի։