image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Սպիտակ Տան դիրքի կարծրացումը` Իսրայէլի նկատմամբ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Սպիտակ Տան դիրքի կարծրացումը` Իսրայէլի նկատմամբ

Այժմ Պայտընի վարչամեքենան սկսած է աւելի խիստ ձեւով խօսիլ Իսրայէլի հետ: Ամերիկա այժմ կը պահանջէ, որպէսզի Իսրայէլ լայնածաւալ յարձակումի չձեռնարկէ Համասի վերջին միջնաբերդ` Ռաֆահ քաղաքին դէմ, ուր հաստատուած են Կազայի այլ շրջաններէն եկած միլիոնէ աւելի գաղթականներ: Նոյնիսկ Ծերակոյտի Դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր« որ ինք եւս Հրեայ է ու միշտ եղած է Իսրայէլի թունդ պաշտպան, հրապարակաւ պահանջեց վարչապետ Նաթանեահուի հեռացումը` անոր վարած ծայրայեղ քաղաքականութեան պատճառաւ:

Այս տարուան ընտրութիւններուն` Պայտըն վերընտրուելու համար պէտք ունի այդ  «ոչ յանձնառուներու» ձայներուն: Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ անոր վարչակազմը սկսած է կարծրացնել Իսրայէլի նկատմամբ իր դիրքորոշումը: Իսրայէլի համար կրնայ այս բոլորը անակնկալ ըլլալ, սակայն կասկածէ վեր է, որ ան կամաց-կամաց կը կորսնցնէ Ամերիկայի հանրային կարծիքը, որուն մէկ արտացոլումն է` քաղաքական նոր իրողութեան մը ի յայտ գալը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի վերջին որոշումը:

 

  ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը որոշում կայացուց Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու կապակցութեամբ« երբ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը չօգտագործեց վեթոյի իր իրաւունքը, այդպիսով ընթացք տալով զինադադարի բանաձեւի հաստատման:

Ամիսներէ ի վեր Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմի տարբեր հանգրուաներուն Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս բազմաթիւ փորձեր եղան զինադադարի  բանաձեւ ընդունելու կապակցութեամբ, սակայն այդ փորձերը ձախողութեան մատնուեցան երբ Ապահովութեան Խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներէն մէկը կամ միւսը` օգտագործելով իր վեթոյի իրաւունքը` վիժեցուց զինադադարի բանաձեւի հաստատումը:

Ամերիկայի կողմէ ձեռնպահ մնալու քայլը ումագրաւ էր այն պատճառաւ, որ Միացեալ Նահանգները միշտ կողմնորոշուած է ի նպաստ Իսրայէլի եւ միջազգային ատեաններէն ներս պաշտպանած է Իսրայէլի շահերը` անտեսելով Պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները: Այս մօտեցումը պայմանաւորուած է Հրէական լոպիի ուժեղ ազդեցութեամբ եւ Ամերիկացի ժողովուրդին մօտ տարիներու ընթացքին Իսրայէլի նկատմամբ ձեւաւորուած համակրանքով: Այդ պատճառաւ ալ ե’ւ Դեմոկրատ ե’ւ Հանրապետական  վարչակարգերու օրով Իսրայէլ վայելած է անվերապահ աջակցութիւն: Սակայն, Կազայի պատերազմէն ասդին, երբ քանդուած բնակելի շէնքերու ու պաղեստինցի զոհերու տեսարանները սկսան յայտնուիլ Ամերիկեան հեռատեսիլներու պաստառներուն վրայ« հանրային կարծիքին մօտ տեղի ունեցաւ զգալի շեղում` ի նպաստ Պաղեստինիներուն: Այս տեղաշարժը ամենէն աւելի զգալի դարձաւ երիտասարդ սերունդին մօտ: Պատերազմի ընթացքին նշմարելի դարձաւ նաեւ Արաբ ծագումով Ամերիկացիներու հետզհետէ աճող ներկայութիւնը Ամերիկեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ: Տասը կամ քսան տարի առաջ հազիւ թէ լսելի կը դառնային Արաբներու ձայները  եւ կամ նկատի կþառնուէր անոնց տեսակէտները:

Հոկտեմբեր 7-ին« երբ Համասի զինեալները յարձակեցան Կազայի մօտակայ Իսրայէլական բնակավայրերուն վրայ` սպանելով 1200 քաղաքացիներ ու պատանդ տանելով աւելի քան 200 հոգիներ« որոնց մէջ երեխաներ եւ տարեց կանայք,  նախագահ Պայտընի վարչակազմը պաշտպանեց իսրայէլի պատասխան քայլերը` զէնք ու զինամթերք փութացուց դէպի Իսրայէլ  եւ որոշեց 12 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել անոր: Երբ պատերազմը սկսաւ երկարիլ ու Կազայի բնակիչները մատնուեցան սովի, ամերիկայի ամբողջ տարածքին` զինադադարի պահանջով ցոյցեր սկսան տեղի ունենալ, Ներկայացուցիչներու Տունէն ներս որոշ թիւով գոնկրէսականներ միացան զինադադարի  պահանջին եւ ամենէն կարեւորը, Միշիկըն նահանգին մէջ կայացած նախնական ընտրութիւններու նախօրեակին սկսաւ շարժում մը` պահանջելով որ Դեմոկրատ քուէարկողները իրենց ձայները չտան Պայտընին եւ փոխարէնը քուէարկեն որպէս «ոչ յանձնառու»: Այդպէս ալ եղաւ, երբ մեծ թիւով Արաբ բնակիչներ ունեցող Միշիկընի մէջ 100 հազար հոգիներ ընդառաջեցին այդ կոչին, յստակ պատգամ յղելով Պայտընին: Նման երեւոյթներ« թէեւ նուազ տարողութեամբ, պարզուեցան այլ նահանգներու մէջ եւս: Միշիկընը կարեւոր նահանգներէն մին կը համարուի Ամերիկայի յաջորդ նախագահը ընտրելու առումով: 2016-ին Միշիկընի մէջ Տանոլտ Թրամփ յաղթած էր 11 հազար ձայնի առաւելութեամբ: 2020-ին Ճօ Պայտըն կարողացաւ շրջել այդ արդիւնքը` ստանալով 155 հազար աւելի ձայն:

Այժմ Պայտընի վարչամեքենան սկսած է աւելի խիստ ձեւով խօսիլ Իսրայէլի հետ: Ամերիկա այժմ կը պահանջէ, որպէսզի Իսրայէլ լայնածաւալ յարձակումի չձեռնարկէ Համասի վերջին միջնաբերդ` Ռաֆահ քաղաքին դէմ, ուր հաստատուած են Կազայի այլ շրջաններէն եկած միլիոնէ աւելի գաղթականներ: Նոյնիսկ Ծերակոյտի Դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր« որ ինք եւս Հրեայ է ու միշտ եղած է Իսրայէլի թունդ պաշտպան, հրապարակաւ պահանջեց վարչապետ Նաթանեահուի հեռացումը` անոր վարած ծայրայեղ քաղաքականութեան պատճառաւ:

Այս տարուան ընտրութիւններուն` Պայտըն վերընտրուելու համար պէտք ունի այդ  «ոչ յանձնառուներու» ձայներուն: Հետեւաբար, զարմանալի չէ, որ անոր վարչակազմը սկսած է կարծրացնել Իսրայէլի նկատմամբ իր դիրքորոշումը: Իսրայէլի համար կրնայ այս բոլորը անակնկալ ըլլալ, սակայն կասկածէ վեր է, որ ան կամաց-կամաց կը կորսնցնէ Ամերիկայի հանրային կարծիքը, որուն մէկ արտացոլումն է` քաղաքական նոր իրողութեան մը ի յայտ գալը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի վերջին որոշումը:

 

Գ. Խոտանեան

«ՄԱՍԻՍ»