image

Խաղալ յաղթելու համար. Հենօ

Խաղալ յաղթելու համար. Հենօ

Իտալական «Ռոմա»ի եւ Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը խօսած է նոր մրցաշրջանին փորթուկալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբի նպատակներու մասին։

«Իտալիոյ առաջնութեան «Ռոմա»ի խաղցողները պիտի ընեն հնարաւոր առաւելագոյնը, որպէսզի ըլլան գլխաւոր հերոսները։ Մենք կը ձգտինք հասնիլ միայն յաղթանակի։ Ինչ մրցաշար ալ ըլլայ, իմ նպատակս միշտ յաղթելն է։

Ես երբեք ֆութպոլ չեմ խաղցած պարզապէս հաճոյքի համար։ Առանց տիտղոսներու ասպարէզիդ աւարտին ոչինչ կ'ունենաս։ Մենք խումբով կը ձգտինք յաղթանակի, որպէսզի մնանք ակումբի պատմութեան մէջ»,- Corriere dello Sport-ի հաղորդմամբ ըսած է Հենրիխ Մխիթարեանը։

31 Յուլիսին Փորթուկալի մէջ «Ռոմա»ն ընկերական հանդիպում պիտի ունենայ սպանական «Սեւիլիա»ի հետ։ Խաղը պիտի մեկնարկի Երեւանի ժամանակով 20։30-ին։

Իտալիոյ անցած առաջնութեան «Ռոմա»ն փորթուկալցի Փաուլօ Ֆոնսեքայի գլխաւորութեամբ գրաւած էր 7-րդ տեղը։