image

Խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը համաձայնեցուած է 80-90 տոկոսով․ Ալիեւ

Խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը համաձայնեցուած է 80-90 տոկոսով․ Ալիեւ

«Արտաքին գործոց նախարարի կողմէ ինծի տրամադրուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը համաձայնեցուած է 80-90 տոկոսով»:

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ՝ խօսելով Հայաստանի հետ «խաղաղութեան պայմանագրի» կնքման շուրջ զարգացումներուն մասին։ 

Ալիեւի խօսքով՝ բանակցութիւններու իրական գործընթացը սկսած է մօտ կէս տարի առաջ։ 

Ան ընդգծած է, որ այս պահուն բաց կը մնայ երկու հարց:

«Առաջինը, Հայաստանը պէտք է դրական արձագանգէ մեր առաջարկին։ Երկրորդ՝ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը պէտք է համատեղ դիմեն ԵԱՀԿ-ին՝ (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբը լուծարելու խնդրանքով, քանի որ այս խումբը վերջին քանի մը տարիներուն գործնականօրէն կրաւորական եղած է»,- նշած է Ալիեւ։