Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար Հայաստանի մէջ պէտք է հանրաքուէ կատարուի: Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ-ն, յայտարարած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխխօսնակ Զիյաֆեթ Ասքերովը:
«Մենք պայմանագիր կը կնքենք ոչ թէ Փաշինեանի, այլ հայկական պետութեան հետ. Այս համաձայնագրի թիկունքին պէտք է ունենայ հայ ժողովուրդի քաղաքական կարծիքը»,-ըսած է ան։
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանը կ՚ուզէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել ոչ թէ վարչապետ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ: