Երէկ Կոռնիձոր հասած «Խաչակիրներ»ու ջոկատը դիրք բռնած է այդ հատուածէն ոչ հեռու։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է կայքը, որն իր կարգին զրուցած է ջոկատի հրամանատար Սարգիս Պօղոսեանին հետ։
Պօղոսեան մասնաւորապէս ըսած է «Այս պահին տղաները հաւաքւում են: Որեւէ անօրինական գործողութիւն չենք անելու: Մի քանի օր ժամանակ տուէք: Մենք ուղղակի Կոռնիձորի դիրքերի հատուածից մի փոքր ետ ենք եկել, որպէսզի իրավիճակը չլարենք, եւ այլ վայրում ենք դիրքաւորուած»։
Յիշեցնենք, որ ջոկատը 8 օգոստոսին բողոքի հաւաք կազմակերպած էր Կառավարութեան դիմաց։ Անոնք ժամանակ տուած էին Կառավարութեանը Կոռնիձորի մօտ մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած բեռնատարերը Արցախ հասցնելու համար՝ հակառակ պարագային սպառնալով, որ իրենք պիտի դիմեն ուժի։Կառավարութիւնէն պատասխան չստանալով՝ անոնք գիշերը մեկնած էին Կոռնիձոր։
Լուրը՝ «Նիւզ.ամ»էն