image

Կենսագրութիւն լուսահոգի Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի

Կենսագրութիւն լուսահոգի Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի

Օրերս, Ուրբաթ, 20 Յունուարին, Լոս Անճելըսի մէջ վախճանեցաւ Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն, Արեւմտեան թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ  Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանը:

Այս առթիւ «Արեւելք» կը ներկայացնէ Սրբացան Հօր հակիրճ կենսագրականը.-

Տ. Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեան ծնած է 24 Հոկտեմբեր 1941 թուականին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունով՝ Յակոբ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոր Սիս թաղամասի Լուսինեան Ազգային Վարժարանին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մուտք գործած է 1 Հոկտեմբեր 1955-ին։

Աւարտելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, սարկաւագ ձեռնադրուած է 1960-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի (յետագային՝ Կաթողիկոս)։ Ապա, երեք տարի շարունակելով դպրեվանքեան ուսումը Ընծայարանի բաժնին մէջ, կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 26 Մայիս 1963-ին, ձեռամբ հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, եւ վերակոչուած՝ Տ. ԵՓՐԵՄ ԱԲԵՂԱՅ։

Վարդապետական գաւազան ստացած է 1965-ին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի՝ աւարտաճառ ներկայացնելով «Նախալուսաւորչեան Սուրբեր»ը աշխատութիւնը։

Ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 1978-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։

Եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է 18 Մայիս 1980-ին, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։

1963-1965 դասաւանդած է Դպրեվանքէն ներս, իսկ որպէս վանական պաշտօն ստանձնած է Մայրավանքի մատակարարապետութիւնը։

1965-1968 հոգեւոր առաքելութեամբ գործուղուած է Իրանա-Հնդկաստանի Թեմ (Սպահան-Պարսկաստան), որպէս Առաջնորդական Տեղապահ։

1973-1977 հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Ամերիկայի արեւմտեան թեմի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ։

1977-ին առաջնորդ ընտրուած է հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմին։ Իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանին թեմը արձանագրած է եկեղեցաշինական եւ դպրոցաշինական իրագործումներ, սեփական Առաջնորդարանի գնումը կատարուած է, հրատարակուած են դասագիրքեր եւ Առաջնորդարանի «Հռոմկլա» պաշտօնաթերթը։ Անոր առաջնորդական շրջանը եղած է ութ տարի՝ 1977-1985։ Ապա, մինչեւ 2000 թուական նոյն թեմին մէջ իր ծառայութիւնը շարունակած է։

2000-2002 տարիներուն եղած է Կաթողիկոսական Փոխանորդ Քուէյթի թեմին։

1998- 2005, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, ստանձնած է Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչի պաշտօնը։

Սրբազանը իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզի Institut Catholique համալսարանին մէջ։

Լուսահոգի սրբազանին հրատարակութիւնները եղած են.-

- Հայց. Եկեղեցւոյ Շարականներու աշխարհաբար թարգմանութիւնը։

- Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետին «Ճառեր»ու գրաբար բնագրէն աշխարհաբարի վերածումը եւ ֆրանսերէնի թարգմանումը։

Վերջին 15 տարիներու ընթացքին Սրբազանը հանգստեան կոչուած է եւ հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմէն ներս՝ ծառայած։