image

Կազայի պատերամին յաջորդ օրը. Թոմաս Ֆրիտման նուրբ անկիւնէ «կը հարուածէ»

 Կազայի  պատերամին յաջորդ օրը. Թոմաս Ֆրիտման  նուրբ  անկիւնէ «կը հարուածէ»

Թոմաս Ֆրիտմըն կը համարուի աշխարհի ամենակարեւոր եւ յայտնի քաղաքական գրողներէն մէկը: Ան ամերիկացի հրեայ է,  եւ   ճարտար  գրող  քաղաքական  տարբեր մակարդակի  կանխատեսումներու մէջ։

 

Ամերիկեան մամուլի  «աստղ»երէն համարուող Թոմաս Ֆրիտմընի անունը ծանօթ է ձեզմէ շատերուն։

 

 Ֆրիտման, որ հանդէս կու գայ քաղաքական գրութիւններով, օրերս  «ցնցում» առաջացնող  առաջնորդող մը գրած է  New York Times   էջերուն, խորհուրդ տալով  ամերիկացիներուն հեռու մնալ Իսրայէլեան նոր արկածախնդրութիւններէ։

 

 Զարմանալի մօտեցումով մը Ֆրիտմըն առաջարկած է Իսրայէլի թոյլ տալ «Համաս»ի  մարտական թեւի առաջնորդ Եէհիա Սինուարին դուրս գալ  «իր փապուղի»էն եւ յայտարարել, որ «Համաս» արդէն  յաղթանակ տարած է Կազայի մէջ։

 Յօդուածին հիմնական մեխը տակաւին այս չէ միայն, Ֆրիտմըն  նաեւ  նպատակայարմար կը նկատէ նկատած է  ճամբորդել Կազզա եւ ներկայ ըլլալ Սինուարի «Յաղթանակի  մամլոյ ասուլիս»ին։

 Ստորեւ թարգմանաբար «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք Ֆրիտմանի  բազում առումներով  շահեկան յօդուածին (յապաւուած) թարգմանութիւնը։

«Իսրայէլ գոյութենական վտանգի մէջ է... եւ Միացեալ Նահանգներ կրնայ ներքաշուիլ պատերազմի մէջ Թել Աւիւի համար, վերջինս պէտք է համոզէ Իսրայէլը լքել Կազայի հատուածը եւ թոյլ տալ, որ Սինուարը կառավարէ այն, եւ ամերիկեան առաջնորդները պէտք է դադրին նուաստացնել մեզ Իսրայէլի հետ կապուած։

Ինչ կը վերաբերի  Սինուարին, ես թոյլ կու տամ Համասի առաջնորդ Եէհիա Սինուարին, որ դուրս ելլէ իր փապուղիէն եւ յայտարարէ յաղթանակ: Ես յոյսով եմ, որ ներկայ կը գտնուիմ անոր ասուլիսին, որպէսզի կարողանամ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ սպաննուեցան մօտ 37000 Կազայի բնակիչ։ Եթէ Սինուար դէմ չ'ըլլար, ես կը մնամ Կազա, որպէսզի տեսնեմ, որ ան ինչ պիտի բացատրէ իր բնակիչներուն եւ թէ ինչպէս պիտի վարուի երկրի մը պայմաններու հետ, ուր պիտանի չէ ապրիլը:»

Թոմաս Ֆրիտմըն կը համարուի աշխարհի ամենակարեւոր եւ յայտնի քաղաքական գրողներէն մէկը: Ան ամերիկացի հրեայ է, բեղմնաւոր գրող արդիւնքներու կանխատեսման մէջ: