Աւելի քան երկու ամիս անցած է Կազայի պատերազմէն։
Կազայի պատերազմին առընթեր այս 5-րդ պատերազմն է, որ տեղի կ՚ունենայ եւ խորքին մէջ նոր փուլ մը կը բանայ արաբ-իսրայէլեան երկարատեւ հակամարտութեան մէջ։
Այս պատերազմն է նաեւ, որ պիտի պատասխանէ մի քանի կարեւոր հարցումներու, որոնց մասին իր դիտարկումները կատարած է մեկնաբան՝ Սագօ Արեանը։
Արեան հարց կը բարձրացնէ, թէ ո՞է իսկական «շահառու»ն այս պատերազմէն նկատել տալով, որ այսօրուայ՛ պայմանները ուրիշ են, ոչ միայն Իսրայէլի պարագային, այլ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ։
Ի վերջոյ եղածը շահերու պատերազմ է, որուն առաջին եւ վերջին զոհը պաղեստինցի անզէն ժողովուրդն է։
Մեկնաբանը նաեւ կարեւոր տուեալներ կը փոխանցէ պատերազմի, ոչ միայն ռազմական հոլովոյթին մասին, այլ այս հակամարտութեան տուն տուող հիմադրոյթներուն մասին։
Միացէ՚ք «Արեւելք»ի YouTube-եան ալիքին եւ հետեւեցէ՚ք մեր թողարկումներուն։