Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը Լոնտոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։
Anadolu-ն յայտնած է, որ դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկումներ ունեցած են նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի, ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման ու երկկողմ յարաբերութիւններու վերաբերեալ։
Քննարկումները տեղի ունեցած են Ուքրանիոյ վերակառուցման նուիրուած երկօրեայ միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս։
«Մենք Լոնտոն ենք՝ ցոյց տալու մեր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ։ Ատոր հետ մէկտեղ մենք պիտի քննարկենք երկկողմ ու միջազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան հետ կապուած խնդիրներ ՆԱԹՕ-ի շրջածիրէն ներս եւ այլ ձեւաչափերով»,- TRT-ն մէջբերած է Ֆիտանի խօսքերը Պլինքընի հետ հանդիպումէն։
Կողմերը քննարկած են ուքրանական ճգնաժամը, երկկողմ յարաբերութիւնները, յուլիսին կայանալիք ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովը։
Լոնտոնի մէջ կայացած համաժողովին մասնակցելու շրջածիրէն ներս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը նախապէս հանդիպումներ ունեցած էր Աւստրիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Դանիայի եւ շարք մը այլ երկիրներու գործընկերներու հետ։