image

Կայացած է Ռայիսի-Էրտողան հեռախօսազրոյց

Կայացած է Ռայիսի-Էրտողան հեռախօսազրոյց

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հեռախօսազրոյց ունեցած է իր իրանցի գործընկեր Իպրահիմ Ռայիսիի հետ, հաղորդած է aa.com.tr կայքը:

Քննարկուած են թուրք-իրանեան երկկողմ յարաբերութիւններու վիճակը, պաղեստինեան տարածքներու վրայ իսրայէլեան յարձակումները եւ տարածաշրջանի մէջ մարդասիրական իրավիճակը։

Թուրքիոյ ղեկավարն ընդգծած է Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի մասին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւի արագ իրականացման համար ջանքերն աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Էրտողանը նշած է, որ այս գործընթացին պաղեստինեան «Ֆաթհ» եւ «Համաս» շարժումները պէտք է միասին գործեն։