Կարող հաշուապահ եւ յարգուած ՀԵԸ-ական. Մահացած է Սարգիս Զէյթճեանը

  Կարող հաշուապահ եւ յարգուած  ՀԵԸ-ական. Մահացած է Սարգիս Զէյթճեանը

 Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն դառնալի լուր ստացանք։

 

 Յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է համայնքի յարգուած անդամներէն, նուիրեալ ՀԵԸ-ական եւ Պէյրութի հաշուապահական շրջանակներուն մէջ վաստակաշատ անուն ունեցող Տիար Սարգիս Զէյթճեանը։

Այս մասին կարճ մահագրական մը հրապարակած է Լիբանանի ՀԲԸՄ ՀԵԸ՝ «Անդրանիկ Սեւան» միութեան դիտատետրի էջը, որ մասնաւորապէս գրած է՝ 

 Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի անդամ, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ՝ Տիգրան Զէյթճեանի հօր՝ Սարգիս Զէյթճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 20 Յունուար 2023-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Յունուար 2023 կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Անթիլիաս:

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ Երկուշաբթի, 23 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ

Այս տխուր առիթով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինը համայն ՀԵԸ-ականներուն անունով իրենց խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: