image

Կարօ Փայլանը չեն վտարած. Arevelk.am-ի մանրամասնութիւնները

Կարօ Փայլանը չեն վտարած. Arevelk.am-ի մանրամասնութիւնները

Այսօր առաւօտեան ժամերէն շրջանառուող տեղեկութիւնները այն մասին, որ Կարօ Փայլանը վտարած են եկեղեցիէն չեն համապատասխաներ իրականութեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներէն։

Մեր ունեցած տուեալներով, Փայլան, որ երէկ այցելութիւն տուած է Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցի ուզած է ընդռաջել կարգ մը հայրենակիցներու իր հետ լուսանկարուելու փափափքներուն։

Ու դիտարկելով, որ տեղին չէ Սուրբ Խորանին առաջ նկարուիլը անոնց առաջարկած է դուրս գալ եւ բակին մէջ շարունակել զրոյցը։

Մինչ այդ մի քանի անձինք, սադրելու նպատակով, սկսած են աղմուկ բարձրացնել ու պոռալ՝ «Կարօ դաւաճան», որմէ ետք եկեղեցւոյ հանրութիւնը իր բողոքը արտայայտած է  սադրողներուն հանդէպ։

Հետեւաբար ըսել, որ Կարօն վտարուած է հայկական եկեղեցիէին ամբողջութեամբ սուտ է եւ յերիւրանք։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Փայլան Լոս Անճըլըս կը գտնուէր մասնակից դառնալու ապրիլեան կարգ մը միջոցառումներուն եւ յատկապէս հրաւէրովը ՍԴՀԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան, իսկ  եկեղեցւոյ մէջ անոր ընկերակացած է տեղի Հնչակեան գործիչներէն՝ Միհրան Խաչատուրեան։