Թեհրանը դեռ մտադիր չէ բացայայտել Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ միջուկային գործարքի վերաբերեալ աւելի վաղ իրեն ուղարկուած նամակի մանրամասնութիւնները։ Նամակի բովանդակութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները ենթադրութիւններ են։ Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղային։
Նախորդ շաբաթ իրանեան SNN գործակալութիւնը յայտնած էր, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդական Անուար Կարկաշը, պաշտօնական այցով գտնուելով Թեհրան, հանդիպած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ եւ փոխանցած անոր Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ուղերձը։
«Մենք դեռ մտադիր չենք լրատուամիջոցներուն բացայայտել այդ ուղերձի բովանդակութիւնը... լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուածը ենթադրութիւններ են», – SNN-ը մէջբերած է Պաղայիի խօսքերը։
Անոր խօսքով՝ Թրամփի նամակի բովանդակութիւնը շատ չի տարբերիր անոր հրապարակային յայտարարութիւններէն։
Աւելի վաղ Թրամփ յայտնած էր, որ նամակ ուղարկած է Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիին եւ յայտարարած, որ կը նախընտրէր համաձայնագիր կնքել միջուկային ծրագրի վերաբերեալ, քան լուծել խնդիրը ռազմական ճանապարհով:
Մարտ 8-ին Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին Իրանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ ամէնշաբաթեայ հանդիպման ժամանակ յայտարարած էր, որ Թեհրանը չի բանակցիր այն պետութիւններու հետ, որոնք կը մտածեն միայն սեփական շահերու մասին։