image

Կարմիր խաչը տեսակցած է Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած երկու հայ զինծառայողներուն

Կարմիր խաչը տեսակցած է Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած երկու հայ զինծառայողներուն

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները տեսակցած են Ատրպէյճանի մէջ առեւանգուած երկու հայ զինծառայողներուն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման եւ կանխարգելման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։

«Երէկ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Ադրբեջանում տեսակցել են հայ երկու զինծառայողներին։ Առանձնազրոյցներ են եղել, օգնել են նաեւ, որ կապ հաստատեն ընտանիքների հետ, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ նամակներ են փոխանակուել»,–ըսած է Ամատունին։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 26 մայիսին յայտնած էր սահմանին երկու զինծառայողի անհետացման մասին։ Յետոյ յայտնի դարձաւ, որ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու զինուած խումբը մուտք գործած է ՀՀ տարածք եւ առեւանգած զինծառայողներ Յարութիւն Յովակիմեանը եւ Կարէն Ղազարեանը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հերթին դիմած էր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ՝ առեւանգուած երկու զինուորները ազատ արձակելու եւ վերադարձնելու կոչով: 27 Մայիսին Ատրպէյճանի մէջ դատարանը կալանաւորած է հայ զինուորականները։

28 Մայիսին Երեւանը դիմած էր մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) ՝ Ատրպէյճանի կողմէ երկու հայ զինուորականներու առեւանգման թեմայով: Հայկական կողմը պահանջած էր միջանկեալ միջոց կիրառել, մասնաւորապէս, անոնց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան ուղղութեամբ եւ պարտաւորեցնել Պաքուին տուեալներ ներկայացնել զինուորներու պահման պայմաններու, առողջական վիճակի մասին: