Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք Հայաստան առաջին դեսպանը նշանակած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկով եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեանը համատեղութեան կարգով նշանակուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ ՀՀ դեսպան (նստավայրը՝ Ապու Տապի)։
Համապատասխան հրամանագիրը հրապարակուած է ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան միջեւ 2023 թուականի նոյեմբեր 24-ին ստորագրուած էր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն: Արձանագրութիւնը ստորագրած էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Գրիգորեանը եւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան դեսպան Սուլթան պըն Ապտալլա Ալ-Լուայհան Ալ-Անքարը:
Արձանագրութեան ստորագրումէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը յայտնած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկզբնական շրջանին պիտի ունենան ոչ մշտական դեսպաններ։
«Սկզբնական շրջանում երկու պետութիւնները կ՚ունենան ոչ ռեզիդենտ դեսպաններ, իսկ յարաբերութիւնների զարգացմանը եւ խորացմանը համընթաց՝ մայրաքաղաքներում կարող են հիմնադրուել դեսպանութիւններ»,- պարզաբանած էր Անի Բադալեանը։