image

Կարելի է ափսոսանք յայտնել. Փեսքով արձագանգ Փաշինեանի ՀԱՊԿ-ի ժողովին չմասնակցելուն

Կարելի է ափսոսանք յայտնել. Փեսքով արձագանգ Փաշինեանի ՀԱՊԿ-ի ժողովին չմասնակցելուն

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին մասնակցելէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարումը, ըսած է, որ եթէ այդպէս է, ապա կը մնայ միայն ափսոսանք յայտնել, քանի որ նման հանդիպումները լաւ առիթ են դիրքորոշումները յստակեցնելու համար։

Այս մասին հաղորդած է  «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

«Եթէ այդ իսկապէս այդպէս է, ապա մենք կրնանք ափսոսանք յայտնել, կը հասկնանք, որ իւրաքանչիւր կառավարութեան ղեկավար կամ պետութեան ղեկավար կրնայ ունենալ իր միջոցառումները իր աշխատանքային ժամանակացոյցին մէջ, իր հանգամանքները, բայց մենք կրնանք միայն ափսոսանք յայտնել, քանի որ նման հանդիպումները կարծիքներ փոխանակելու, դիրքորոշումներ յստակեցնելու շատ լաւ առիթ են»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէս Քրեմլի մէջ կ՚ընկալեն Փաշինեանի որոշումը եւ ինչպէս կը գնահատեն Հայաստանի՝ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հաւանականութիւնը։