Զոհուած եւ անհետ կորած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքներն փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած է Ջրականի (Ճապրայիլ) շրջանին մէջ։
Յայտնաբերուած է եւս 6 աճիւն։ Այս մասին NEWS.am-ը տեղեկանում է Արցախի ԱԻՊԾ-էն:
Փրկարարները հայ զինծառայողներու աճիւնները տարհանած եւ տեղափոխած են Ստեփանակերտի դատաբժշկական բիւրօ ՊՈԱԿ։ Անոնց ինքնութիւնը պիտի հաստատուի ՀՀ-ի մէջ` դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք։
Այսպիսով, զինադադարէն ետք իրականացուած որոնումներու պատճառով, Արցախի բռնագրաւուած տարածքներէն տարհանուած է 1642 աճիւն։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ