2020 թուականի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու մասունքներու որոնողական աշխատանքները փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած է Ջրականի (Ճապրայիլ) շրջանին մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը, յայտնաբերուած ու տարհանուած է եւս մէկ զինուորի մասունք:
Անոր ինքնութիւնը կը հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէ յետոյ:
Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 13-էն առ այսօր որոնողական աշխատանքներու եւ ատրպէյճանական կողմի հետ դիերու փոխանակման ճամբով հաստատուած է ընդհանուր 1708 մասունք: