image
Հրատապ լուրեր:

Իզմիրի մէջ. Յիշատակում՝ Էրոլ Պաքըրճըօղլուի

Իզմիրի մէջ. Յիշատակում՝ Էրոլ Պաքըրճըօղլուի

Պոլսահայ համայնքի նախկին գործուն անդամ՝ Էրոլ Պաքըրճըօղլու մահուան Բ. տարելիցին առթիւ յիշատակուած է իր բնակած Իզմիր քաղաքին մէջ, ուր ներկայացուած է նաեւ կողակցին ջանքերով հրատարակուած գիրքը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ակօս»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Էրոլ Պաքըրճըօղլու մահուան Բ. Տարելիցի առթիւ յիշատակուեցաւ իր բնակած Իզմիր քաղաքի մէջ։ Յիշատակման առանցքը կազմեց կողակցին ջանքերով հրատարակուած հատորի ծանօթացումը։ Սոյն հատորը իմի կը բերէր Էրոլ Պաքըրճըօղլուի յօդուածները եւ յետ մահու իր մասին գրուած յիշատակարանները։

Այս առթիւ սրտի խօսք արտասանեց դուստրը՝ Տիլարա Պաքըրճըօղլու, յիշատակներ փոխանցելով հօրը իր կազմութեան վրայ թողած ազդեցութենէն։

Ելոյթ ունեցան Եգէական Համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Զէրրին Քուրթօղլու Շահին եւ ասորիներու ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններով ծանօթ Զէյնեփ Թոզտուման։