image

Իսրայէլը վճռեց. Ռաֆահի ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւն

Իսրայէլը վճռեց. Ռաֆահի ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւն

Իսրայէլեան բանակը սկսած է օդային հարուածներ հասցնել Ռաֆահին՝ քաղաքի արեւելեան հատուածի բնակիչներուն տարհանուելու կոչ ընելէն քանի մը ժամ անց։ Այս մասին առաջինը յայտնած է AFP-ն՝ վկայակոչելով քաղաքի մէջ իր թղթակցին:

Գործակալութեան տուեալներով՝ իսրայէլեան հարուածները շարունակուած են մօտ կէս ժամ գրեթէ անդադար։ Շուտով իսրայէլեան բանակը հաստատած է հարուածները՝ քաղաքին:

«Իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակը ներկայիս թիրախային հարուածներ կը հասցնէ «Համաս»-ի ահաբեկչական կառոյցներուն Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահի արեւելեան հատուածին մէջ», - ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի թելեկրամեան ալիքով:

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի մամուլի ծառայութիւնը նոյնպէս յայտնած է, որ երկրի պատերազմի գրասենեակը որոշած է շարունակել Ռաֆահի մէջ նախատեսուած ռազմական գործողութիւնը։ X-ի էջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ գործողութիւնը նպատակ ունի ռազմական ճնշում գործադրել «Համաս»-ի վրայ՝ արագցնելու պատանդներու ազատ արձակումը եւ պատերազմի միւս նպատակներուն հասնելու համար: