Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ Կազայի մէջ ցամաքային գործողութիւններէն ի վեր «Համաս»-ի 130 նկուղ-փապուղի ոչնչացուցած է։
«IDF մարտական ճարտարապետները ներկայիս կ՚աշխատին Կազայի մէջ «Համաս»-ի ահաբեկչական ենթակառուցուածքները բացայայտելու եւ ոչնչացնելու ուղղութեամբ, ներառեալ փապուղիները:
Նկուղ-փապուղիներու մէջ յայտնաբերուած ջուրի եւ թթուածինի պաշարները ցոյց կու տան երկարատեւ գետնի տակ մնալու «Համաս»-ի պատրաստութեան մասին», -ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեան մէջ։
«Համաս»-ը Կազայի հատուածին մէջ սարդոստայնի պէս իրար միացած տասնեակ քիլոմեթրերով նկուղ-փապուղիներ կառուցած է, ուր տեղակայուած են հրամանատարական կէտեր, զինապահեստներ, կապի միջոցներ։