ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, Միացեալ Նահանգները կը պաշտպանէ Իսրայէլի՝ Կազայի հատուածէն իրականացուող յարձակումներէն պաշտպանուելու իրաւունքը։
Այս մասին հաղորդած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Սպիտակ տան կողմէ տարածուած ԱՄՆ նախագահի գրաւոր յայտարարութեան։
«Ես երկարաժամկէտ եւ անսասանօրէն կ'աջակցիմ Իսրայէլի՝ սեփական անվտանգութիւնն ապահովելու, այդ շարքին նաեւ յարձակումներէն պաշտպանուելու իրաւունքին», -ըսուած է Պայտընի յայտարարութեան մէջ։
ԱՄՆ նախագահը նաեւ յաւելած է, որ վերջին օրերուն Իսրայէլն իր ժողովուրդը կը պաշտպանէր «Պաղեստինեան իսլամական ճիհատ» ահաբեկչական խմբաւորման հրթիռային յարձակումներէն, եւ ԱՄՆ-ն կը հպարտանայ, որ աջակցութիւն ցուցաբերած է իսրայէլեան «Երկաթեայ գմբեթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին, որ կարողացած է աւելի քան հարիւր հրթիռ որսալ ու անթիւ կեանքեր փրկել։