image

Իսրայէլ ներխուժած է «Նապլոս». Կան զոհեր

Իսրայէլ ներխուժած է «Նապլոս». Կան զոհեր

Իսրայէլեան ուժեր երէկ գիշեր ներխուժած են Պաղեստինի «Նապլոս» քաղաքը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։

 Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակի  ջոկատ մը ներխուժած է «Նապլոս» եւ բախումի բռնուած է տեղւոյն  պաղեստինցի զինեալներուն հետ։

 Լրատուական աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ բախումներուն հետեւանքով զոհուած են 6 զինեալներ եւ վիրաւորներուն թիւը անցած է 20-ը։ 

4 Ժամ տեւած մարտերէ յետոյ Իսրայէլեան ուժեր ստիպուած եղած են հեռանալ «Նապլոս»-էն։