image

Իսրայէլ կը սպառնայ զօրացնել յարձակումները «Հըզպալլա»ի դէմ հարաւային Լիբանանի մէջ

Իսրայէլ կը սպառնայ զօրացնել յարձակումները «Հըզպալլա»ի դէմ հարաւային Լիբանանի մէջ

Իսրայէլ սպառնացած է զօրացնել յարձակումները շիա «Հըզպալլա» շարժման դէմ՝ Լիբանանի հարաւը, անտեսելով երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրը, եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը չզինաթափէ այդ կազմակերպութիւնը։

Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կիրակի օր մամլոյ ասուլիսին զգուշացուցած է, որ «Հըզպալլա» կը փորձէ վերազինուիլ, եւ Իսրայէլ պիտի գործէ «ինքնապաշտպանութեան» նպատակով։ Ան կը կարծէ, որ այս գործողութիւնները կը համապատասխանեն «հրադադարի պայմաններուն»։

Նաթանիահուն շեշտած է, որ Իսրայէլ հաշուետու է Միացեալ Նահանգներուն, սակայն «թոյլտուութիւն չի խնդրեր», քանի որ «ինքն է պատասխանատու իր ապահովութեան համար»։

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց ըսած է․ «Լիբանանի կառավարութեան պարտաւորութիւնը՝ զինաթափել «Հըզպալլա»ն եւ զայն վտարել Լիբանանի հարաւէն, պէտք է ամբողջութեամբ կիրառուի»։ Ան աւելցուցած է, թէ կազմակերպութիւնը «կրակի հետ կը խաղայ»։

Անցեալ տարուան Նոյեմբերին, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ, Իսրայէլի եւ լիբանանեան շիիթ շարժման միջեւ հրադադար հաստատուած էր։ Այնուամենայնիւ, Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը՝ պնդելով, որ իր նպատակակէտերն են «Հըզպալլա»ի զինեալներն ու գործողութեան կեդրոնները։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ ռազմավարական դիրքեր գրաւել սահմանի լիբանանեան կողմին վրայ։