image

Իսրայէլ հարուածած է Դամասկոսի մերձ. Կան 3 զոհեր (Լուսանկարներ)

Իսրայէլ  հարուածած է Դամասկոսի մերձ. Կան   3 զոհեր (Լուսանկարներ)

Առնուազն 3  անձ զոհուած է  Դամասկոսի  «Սըթ Զէյնապ» շրջանին  մերձ գտնուող «Ալ Հուժայրա»  հատուածին մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մարսատ ալ Սուրի» կայքէն։

 Աղբիւրը կը հաղորդէ,  որ   իսրայէլեան օդուժը  հարուածներ  տուած է  «Ալ Հուժայրա»  շրջանին մէջ գտնուող  «Ժիհատ ալ Պաննա»   կազմակերպութեան պատկանող     կեդրոնին, ուր  վերջին տուեալներով  զոհուած է    3 անձ եւ վիրաւորուած են   11 ուրիշներ։

 Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  Դամասկոսի  մէջ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող  այդ  մարմինը կը համարուի   Սուրիոյ մէջ    իրանեան  ազդեցութեան  մասնիկ ու նաեւ լաւ կապեր ունի «Հըզպալլա»ի հետ։