Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (ՑԱԽԱԼ) յայտարարած է ցամաքային գործողութիւն սկսելու մասին ալ–Շուճաիյա շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Կազա քաղաքի արեւելքը՝ համանուն հատուածի հիւսիսային մասին մէջ։
«Վերջին քանի մը ժամուան ընթացքին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զօրքերը սկսած են ցամաքային գործողութիւններ իրականացնել Կազայի հիւսիսը գտնուող Շուճաիյա շրջանին մէջ՝ անվտանգութեան գօտին ընդլայնելու նպատակով», – ըսուած է բանակի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: