image

Ընթացք պիտի առնեն Թէլ Աւիւ–Երեւան–Թէլ Աւիւ թռիչքները

Ընթացք պիտի առնեն Թէլ Աւիւ–Երեւան–Թէլ Աւիւ թռիչքները

«Israir Airlines» օդանաւային ընկերութիւնը 1 նոյեմբերէն սկսած է Թէլ Աւիւ–Երեւան–Թէլ Աւիւ երթուղիով թռիչքներ իրականացնել։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ–ն։

Թռիչքները պիտի իրականցուին շաբթական մէկ անգամ՝ իւրաքանչիւր երեքշաբթի:

Օդանաւի տոմսերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ ընկերութեան կայքէն եւ տեղական զբօսաշրջային գործակալութիւններէն։