image

Իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան նոր դէպք․ կայ կալանաւորուած անձ

Իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան նոր դէպք․ կայ կալանաւորուած անձ

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան նոր դէպք բացայայտած է։ Այս տեղեկութիւնը «ՍիվիլՆեթ»ի հետ զրոյցին հաստատած է նաեւ Քննչական կոմիտէն։

«Քրէական վարոյթի շրջանակներում հանրային քրէական հետապնդում է յարուցուել մէկ անձի նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգրքի 44-155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 7-րդ կէտով (սպանութիւնը՝ այլ անձանց կեանքի համար վտանգաւոր եղանակով), 335-րդ յօդուածի 1-ին մասով (հրազէնի, դրա հիմնական բաղկացուցիչ մասերի, ռազմամթերքի եւ այլ նիւթերի, սարքերի, առարկաների ապօրինի շրջանառութիւնը), 43-155-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 8-րդ եւ 15-րդ կէտերով (սպանութեան նախապատրաստութիւնը՝ անձի կամ նրա մերձաւոր ազգականի կամ մերձաւորի` կապուած այդ անձի կողմից իր պետական, քաղաքական, ծառայողական, մասնագիտական կամ հասարակական գործունէութեան կամ պարտքի կատարման հետ, մի խումբ անձանց կողմից, ռասայական, ազգային, էթնիկ կամ սոցիալական ծագումով, կրօնով, սեռով, քաղաքական կամ այլ հայեացքներով կամ անձնական կամ սոցիալական բնոյթի այլ հանգամանքներով պայմանաւորուած ատելութեան, անհանդուրժողականութեան կամ թշնամանքի շարժառիթով) եւ 43-419-րդ յօդուածի 1-ին մասով (իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւնը)»,- յայտնած է ՔԿ-ն՝ աւելցնելով, որ այդ անձի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը։

Լրատուամիջոցներն աւելի վաղ գրած էին, որ ԱԱԾ-ն սեպտեմբեր 6-ին տեղեկութիւններ ստացած է, որ 52-ամեայ Ա. Ս.-ն, դժգոհ ըլլալով ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ վարուող քաղաքականութենէն, խումբ մը անձանց հետ, նախնական համաձայնութեամբ, նախապատրաստած է իշխանութիւնը զաւթելու ծրագիր։

Նշուած է, որ ան, չհամակերպելով 44-օրեայ պատերազմին որդիի կորուստի հետ, խումբ մը անձանց հետ, ատելութեան, անհանդուրժողականութեան եւ թշնամանքի շարժառիթով, 2025-ի ընթացքին նախապատրաստած է ՀՀ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց սպանութիւնը, սակայն չէ կրցած իրականացնել յանցագործութիւնը։