Վատիկան կատարած այցի ընթացքին Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխ ալ իսլամ Ալլահշուքուր Փաշազատէն հանդիպած է Հռոմի պապ Լեւոն XIV-ի հետ: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Փաշազատէն Հռոմի Պապին փոխանցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի ողջոյնները։ Յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ երկրորդ կաթոլիկ եկեղեցի կառուցելու մասին:
Փաշազատէն նշած է, որ Հռոմի պապ Լեւոն XIV-ի այցը Ատրպէյճան մեծ պատիւ կ'ըլլայ։
Ան ըսած է որ եթէ այցելէ Ատրպէյճան, Հռոմի պապը պիտի կարողանայ անձամբ տեսնել Ատրպէյճանի մէջ միջկրօնական ներդաշնակութեան բարձր մակարդակը, պետութիւն-կրօնական յարաբերութիւնները եւ բազմամշակութայնութեան մթնոլորտը։
Իր հերթին, Հռոմի պապ Լեւոն XIV-ը հետաքրքրութիւն յայտնած է Ատրպէյճան այցելելու հարցին՝ ըսելով, որ այդ հաշուի կ'առնէ իր աշխատանքային յայտագրին մէջ»,- յայտնած են լրատուամիջոցները։