image

Իրաքի մէջ թրքական ռազմակայանը գնդակոծութեան ենթարկուած է

Իրաքի մէջ թրքական ռազմակայանը գնդակոծութեան ենթարկուած է

Թրքական Զլիքան ռազմակայանը, որ կը գտնուի Հիւսիսային Իրաքի Նինուա նահանգին մէջ, հրթիռակոծութեան ենթարկուած է: Այս մասին կը յտնէ Al-Sumaria հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով Իրաքի անվտանգութեան մարմիններու աղբիւրը։

Աղբիւրը մանրամասնած է, որ ռազմակայանի ուղղութեամբ երեք հրթիռ արձակուած է։  

Իրաքի իշխանութիւններն աւելի վաղ որոշած էին ետ կանչել Թուրքիոյ մէջ Պաղտատի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը՝ թրքական զինուած ուժերու կողմէ երկրի հիւսիսը գտնուող Զախօ առողջարանային քաղաքի գնդակոծումէն ետք։ Հրթիռակոծութեան հետեւանքով զոհուած է 9 մարդ, եւս 33-ը վիրաւորուած է։