image

Իրանը հարուածելու նախապատրաստութի՞ւն

Իրանը հարուածելու նախապատրաստութի՞ւն

Իսրայէլը մտադիր է 5 միլիառ շեքել (մօտ 1,5 միլիառ տոլար) յատկացնել իր զինուած ուժերուն` Իրանի միջուկային կեդրոններուն դէմ հնարաւոր հարուածները նախապատրաստելու համար: 

Միջոցները նախատեսուած են տարբեր տեսակի ինքնաթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ զէնքի իւրայատուկ տեսակներ գնելու համար, որոնք անհրաժեշտ են ստորգետնեայ ամրացուած կեդրոններու վրայ յարձակման համար:

10 Հոկտեմբերին Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ ըսած էր, որ «Իսրայէլի պարտականութիւնն է ոչ թէ խօսքով, այլ գործով համոզուիլ, որ Իրանը երբեք միջուկային զէնք պիտի չունենայ»: 13 Հոկտեմբերին Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Եաիր Լափիտ Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընի եւ ԱՄԷ-ի արտաքին գործերու նախարար Շէյխ Ապտուլլա պըն Զայետ Ալ Նահեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ նշած էր, որ Իրանի հետ բանակցութիւններու իւրաքանչիւր ուշացում Թեհրանը կը մօտեցնէ միջուկային զէնքի զարգացման եւ որ Իսրայէլը «իրեն իրաւունք կը վերապահէ գործել որեւէ պահի եւ որեւէ ձեւով», ինչ որ, անոր խօսքերով, հրէական պետութեան «ոչ միայն իրաւունք է, այլեւ՝ պատասխանատուութիւնը»: