image

Իրանն ու Ռուսիան 40 միլիառ տոլարի պայմանագիր կնքած են

Իրանն ու Ռուսիան 40 միլիառ տոլարի պայմանագիր կնքած են

Ռուսիա եւ Իրան նաւթակազային ոլորտի մէջ 40 միլիառ տոլարը գերազանցող գործարքներ կնքած են։ Այդ մասին յայտնած է Իրանի նաւթի նախարար Ճաուատ Օուճին:

«Մենք Ռուսիոյ հետ 4 միլիառ տոլար արժողութեամբ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած ենք հանքավայրերու շահագործման համար, ինչպէս նաեւ կազատարի եւ հեղուկացուած բնական կազի սարքաւորումներու արտադրութեան վերաբերեալ 40 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր»,- անոր խօսքը մէջբերած է գործակալութիւնը: