image

Իրանի Քաշան քաղաքն ընդգրկուած է «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի ստեղծարար քաղաքներու ցանցին մէջ

Իրանի Քաշան քաղաքն ընդգրկուած է «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի ստեղծարար քաղաքներու ցանցին մէջ

Իրանի Քաշան քաղաքը Քաղաքներու համաշխարհային օրը՝ 31 հոկտեմբերին,  պաշտօնապէս ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ստեղծարար քաղաքներու ցանցին մէջ: Այս մասին յայտնած է IRNA գործակալութիւնը:

Սամարղանդի մէջ կայացած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 43-րդ գլխաւոր խորհրդաժողովի ժամանակ այս յայտարարութիւնը ըրած է Իրանի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղար Հասան Ֆարտուսի:  

Քաշանը կը միանայ այնպիսի քաղաքներու շարքին, ինչպիսիք են Հռոմը, Փարիզը եւ Պարսելոնան, որոնք յայտնի են իրենց կայուն ճարտարապետութեամբ եւ հարուստ քաղաքակրթական ժառանգութեամբ։