Իրանը եւ Թուրքիան փոխադարձաբար փակած են բոլոր անցակէտերը բեռնակառքերու համար: Այս մասին յայտնած է Իրանի հետ առեւտուրի զարգացման ընկերակցութեան ղեկավար Օզճան Ալաշը:
Վերջինս մասնաւորեցուցած է, որ սկիզբը Թեհրանը արգիլած է թրքական բեռնատարներուն երթեւեկութիւնը, Անւարայի որոշումը պատասխան քայլ դարձած է:
«Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը ամբողջովին դադրեցուած է Իրանի եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանին տիրող լարուածութեան պատճառով», ըսած է Ալաշ: