image

Իրանի մէջ խոշոր զօրավարժութիւններ մեկնարկած են

Իրանի մէջ խոշոր զօրավարժութիւններ մեկնարկած են

Կիրակի երեկոյեան Իրանի ռազմաօդային ուժերը սկսած են խոշոր օդային զօրավարժութիւնները, որոնք կը կրոեն «Վելայաթի երկնքի պաշտպաններ» ծածկանունը: Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին ինչպէս մարդատար, այնպէս ալ անօդաչու օդանաւեր՝ ձեւաւորելու իրական մարտական սենարներ՝ երկրի պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու համար, յայտնած է irna.ir-ը:

Կիրակի յայտարարելով զօրավարժութիւններու մասին՝ Իրանի ռազմաօդային ուժերու հրամանատար զօրախումբի զօրավար Համիտ Վահետին ըսած է, որ բոլոր ռազմաօդային ուժերու կայանները աշխուժօրէն պիտի ներգրաւուին, իսկ գլխաւոր դերը պիտի աստանձնէ Սպահան նահանգի մէջ գտնուող «Շահիտ Պապայի» օդուժի ռազմակայանը:

Անոր խօսքով՝ ռազմաօդային ուժերու կործանիչներու մէկ մասը արդէն տեղափոխուած է Սպահանի ռազմակայան։

Զօրավարժութիւններու ընթացքին 92 ինքնաթիռէ բաղկացած օդակայանը պիտի իրականացնէ շարք մը օդային գործողութիւններ՝ ներառեալ հետախուզական առաքելութիւններ, նպատակային օդային եւ ցամաքային ոչնչացման զօրավարժութիւններ, հոգեբանական պատերազմի մարտավարութիւն եւ ելեկտրոնային պատերազմ: