image

Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը վերաբացած է իր դռները

Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը վերաբացած է իր դռները

Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը վերսկսած է գործունէութիւնը: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

2024 թուականի մարտին յայտնի դարձած էր, որ Թեհրանն ու Պաքուն պայմանաւորուած են ատրպէյճանցի դիւանագէտներու Իրան վերադարձի շուրջ։ Հարցը քննարկուած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ անոր այն ժամանակուան իրանցի գործընկեր Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հանդիպման։

Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան գործունէութիւնը դադրեցուած էր 2023 թուականի յունուար 27-ին՝ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան վրայ զինուած յարձակումէն ետք, որու հետեւանքով սպանուած էր դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակիցը, վիրաւորուած անոր երկու գործընկեր։