Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը «առաջիկայ երկու օրուան ընթացքին» կրնան վերսկսիլ բանակցութիւնները։ Այս մասին ան ըսած է New York Post-ի հետ հեռախօսային հարցազրոյցի ընթացքին։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը պարբերականին յայտնած է, որ քննարկումներ կ՚ըթանան, «թէեւ քիչ մը դանդաղ»։ Ան նաեւ նշած է, որ բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ Եւրոպայի մէջ։
Ըստ պարբերականին՝ Թրամփ այս զրոյցէն կէս ժամ ետք կրկին հեռաձայնած է լրագրողին։
«Դուք պէտք է հոն մնաք (խմբ.՝ Իսլամապատի մէջ, ուր տեղի ունեցած էին նախորդ բանակցութիւնները), որովհետեւ առաջիկայ երկու օրուան ընթացքին կրնայ բան մը պատահիլ, եւ մենք աւելի հակուած ենք հոն երթալու»,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ այդ աւելի հաւանական է, քանի որ ֆելտմարշալը հիանալի գործ կ՚ընէ։
Տանըլտ Թրամփ նկատի ունեցած է Փաքիստանի ֆելտմարշալ զօրավար Ասիմ Մունիրը։
Բացի այդ, Fox News-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցման, թէ արդեօք Իրանի հետ պատերազմը արդէն աւարտա՞ծ է, Թրամփ ըսած է, որ ան «շատ մօտ է աւարտին»։