image

Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կրկին կանչուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կրկին կանչուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Սայետ Ճաֆարի Աղայէ Մարիանը կանչուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն։

Ատրպէյճանական «ԱՊԱ» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ անոր բողոք ներկայացուած է «կառավարութեան մօտ կանգնած իրանեան տպագիր լրատուամիջոցներուն մէջ» Ատրպէյճանի եւ այդ երկրի ղեկավարութեան դէմ «բացայայտ արշաւի համար»։

Ան այս նոյն միջադէպի առիթով նախապէս ալ Ատրպէյճանի ԱԳՆ կանչուած էր։ Պատճառն իրանցի ազդեցիկ հոգեւորականներէն մէկու՝ Արտեպիլի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ այաթոլա Ամելիի ներկայութեամբ հնչած յայտարարութիւններն էին, որոնք Պաքուի մէջ «վիրաւորական եւ սադրիչ որակած էին»։

Նախօրէին ալ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէն, որուն բողոքագիր ներկայացուած էր Ատրպէյճանի «որոշ շրջանակներու կողմէ իրանցի ուսանողներու նկատմամբ անբարոյ գործողութիւններու» կապակցութեամբ: