image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի երկրկաշարժին զոհերուն թիւը բարձրացաւ 1127-ի

Իրանի  երկրկաշարժին զոհերուն թիւը բարձրացաւ 1127-ի

Չորեքշաբթի վաղ առաւօտեան Իրանի հիւսիս-արեւմտեան՝ Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ տեղի ունեցած 5,4  ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով տուժածներու թիւը գերազանցած է 1100-ը, յայտնած է առողջապահութեան ոլորտի պաշտօնեան:

Իրանի պետական հեռուստատեսութեան հետ զրոյցի ժամանակ առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ Մոճթապա Խալէտին ըսած է, որ երկրաշարժի հետեւանքով տուժած է 1127 մարդ, գրած է albawaba.com-ը։

Հզօր երկրաշարժը տեղի ունեցած է Խոյ քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Թեհրանէն 807 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք:

Թեհրանի համալսարանի երկրաշարժական կեդրոնի տուեալներով՝ երկրաշարժին յաջորդած է աւելի քան 30 յետցնցում՝ 4 բալէն պակաս ուժգնութեամբ: Վիրաւորներէն շատերը տեղափոխուած են նահանգի հիւանդանոցներ, ըսած է Խալէտին:

Իրան կը գտնուի երկրաշարժային աշխոյժ գօտիի վարյ եւ վերջին տարիներուն բազմաթիւ աղէտալի երկրաշարժեր տեսած է։