image

Իրանահայերը միշտ կայունութեան կողքին

Իրանահայերը միշտ կայունութեան կողքին

Իրանի հայ համայնքի խորհուրդը վերջին ահաբեկչութիւններու եւ անկարգութիւններու առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած է։ «Pars Today»–ը գրած է, որ կառոյցը իր աջակցութիւնը յայտնած է իշխանութիւններուն եւ կոչ ըրած միջոցներ ձեռնարկելու երկրին մէջ կայունութիւն ապահովելու համար։

Նշուած է, որ Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններն ու անկարգութիւնները, որոնք քաղաքացիներու մահուան, ինչպէս նաեւ հասարակական կարգի ու անվտանգութեան խախտման յանգեցուցած են, լուրջ մտահոգութիւն առաջացուցած են նաեւ հայ համայնքի մօտ։

«Այս սուրբ հողի այլ կրօններու հետեւորդներու եւ ազգերու հետ միասին կ'աջակցինք Իրանի իսլամական հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ կը պահանջենք երկրին մէջ ապահովել կայուն անվտանգութիւն, պատասխանատւութեան ենթարկել յանցագործութեան մեղաւորները եւ հասարակութեան անվտանգութիւնը խախտողները», –ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Իրանահայերը հիմնական քաղաքաբնակներ են, կ'ապրին Թեհրանի, Սպահանի եւ անոր յարակից շրջաններու մէջ։

Նշենք, որ Իրանի տարածքին վերջին երկու ամիսներու ընթացքին երկու ահաբեկչութիւն տեղի ունեցած է։ Հոկտեմբերի վերջը անյայտ անձինք կրակ բացած էին Իրանի հարաւը գտնուող Շիրազ քաղաքի Շահ–Չերախ դամբարանի տարածքին մէջ։ Ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով 13 մարդ զոհուած էր, եւս 45-ը`վիրաւորուած։ Աւելի ուշ Իրանի տեղեկատւութեան եւ ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ահաբեկչութեան մասնակիցներու շարքին Ատրպէյճանի քաղաքացիներ կան։

Եւս մէկ ողբերգութիւն տեղի ունեցած է 16 նոյեմբերին Խուզեստան նահանգի Իզէ քաղաքի շուկային մէջ։ Անյայտ անձինք երկու շարժակաւոր հեծելանիւով մօտեցած էին քաղաքացիներու խումբի եւ կրակ բացած։ Կրակոցներու հետեւանքով զոհուած էր 5 մարդ, ներառեալ` երեխայ եւ տարեց կին, եւս 10-ը` վիրաւորուած։