Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք» պարբերականէն վերահասու դարձանք, թէ օրերս 69 տարեկան հասակին, «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով, իր մահկանացուն կնքած է իրանահայ յայտնի բանաստեղծ՝ Ալմինը:
Բանաստեղծը գրել սկսած էր պատանի տարիքէն: Անոր առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են «Ալիք պատանեկան» երկշաբաթաթերթին մէջ 1970-ին, ապա հրապարակուած են շարք մը գրական թերթերու եւ ամսագրերու մէջ ինչպէս՝ «Ալիք», «Բագին», «Գրական թերթ», «Գարուն», «Աղբիւր» եւ այլն:
«Արեւելք» լրատուականը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն եւ հարազատներուն, այս ցաւոտ կորուստին համար: