image

«Ինծի համար պատմական Հայաստանը պարզապէս յիշողութիւն մը չէ». Վազգէն Եագուպեան բարձրացած է Արարատի գագաթը

«Ինծի համար պատմական Հայաստանը պարզապէս յիշողութիւն մը չէ». Վազգէն Եագուպեան բարձրացած է Արարատի գագաթը

«Ինծի համար պատմական Հայաստանը պարզապէս յիշողութիւն մը չէ։ Ան կենդանի աղբիւր մըն է՝ հպարտութեան, ուժի եւ ոգեշնչման՝ յանուն ուժեղ Հայաստանի եւ տոկուն ազգի կառուցման»,- գրած է ան՝ աւելցնելով, որ նման ուխտագնացութիւնները պէտք է դառնան նոր սերունդներու ինքնագիտակցութեան ձեւաւորման բաղադրիչ։

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան իր որդիին հետ բարձրացած է Մասիս սարի գագաթը՝ իրականացնելով իր հին երազանքներէն մէկը։ Պիպլիական լերան՝ 5.137 մ բարձրութեամբ գագաթին հասնիլը Վազգէն Եագուպեանի համար եղած է ոչ միայն  ֆիզիքական մարտահրաւէր-քայլ, այլեւ՝ հոգեւոր ու հայրենասիրական ճանապարհ…։

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Եագուպեանի  դիմատետրեան էջէն, ուր վերջինս կատարած է  անգլերէնով գրառում մը։

Թարգմանաբար կը ներկայացնենք այդ գրառումը՝

«Այս բարձրացումը պարզապէս լեռնագնացութիւն չէր։ Այն ուխտագնացութիւն մըն էր դէպի սուրբ լեռը, որ հազարամեակներ շարունակ հսկած է թէ՛ մեր նախնիներու եւ թէ՛ այժմեան հայրենիքին վրայ։ Ան զիս փորձութեան ենթարկեց՝ թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս ու զգացական առումով։ Բայց խորապէս երախտապարտ եմ, որ  ապրեցայ այս փորձառութիւնը որդիս՝ Լեւոնին հետ», 

Վազգէն Եագուպեանի եւ անոր որդիին ճամբան անցած է նաեւ հայկական պատմական վայրերով՝ Կարս, Վան Աղթամար։ Անոնք աղօթած են Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջ, մոմեր վառած, լողացած Վանայ լիճի ջուրերուն մէջ  եւ շրջած Անիի՝ մեր փառաւոր մայրաքաղաքի աւերակներուն մէջ։