image

Ինքնաշարժի շղթայական արկած Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

Ինքնաշարժի շղթայական  արկած Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

Մայիս 10-ին, ժամը 22:57-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Գարեգին Նժդեհի փողոցի թիւ 16 շէնքի մօտակայքը տեղի ունեցած է ինքնաշարժի արկած. առկայ է կազի արտահոսք` հրդեհի բռնկումով:

Արտակարգ իրավիճակներում նախարարութենէն կը յայտնեն, որ դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ, Յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական ջոկատը, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի խումբը, Հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հերթապահ հոգեբանը եւ Բժշկական ապահովման վարչութեան հերթապահ խումբը:

Պարզուած է, որ բախած են «Mercedes-Benz S500» (վարորդ` Ա. Կ.), «Nissan Sunny» (վարորդ` Ռ. Ս.) եւ «Mitsubishi Lancer» (վարորդ` Վ. Գ.) մակնիշներու ինքնաշարժները, որոնք այնուհետեւ բախած են կայանած «Toyota Camry» (վարորդ` Ա. Մ.) եւ «Ford Transit» (վարորդ` Ա. Մ.) մակնիշներու ինքնաշարժներուն․ կազի արտահոսք չէ եղած:

Մինչ փրկարարներու կանչի վայր հասնիլը` «Mitsubishi Lancer» մակնիշի ինքնաշարժի վարորդը եւ ուղեւոր Լ. Գ.-ն (ծնած 1987 թ․) փոխդրուած են «Շէնգաւիթ» բժշկական կեդրոն, ուր ստանալով համապատասխան բժշկակա օգնութիւն` դուրս գրուած են:

Փրկարարները սահմանազատած են տարածքը, կատարած ճանապարհի մաքրման աշխատանքներ եւ «Mercedes-Benz S500» մակնիշի ինքնաշարժի շարժիչի հատուածին կատարած են հովացման աշխատանքներ: