Յունիս 24-ին, ժամը 22:30-ի սահմաններուն, անյայտ հանգամանքներու մէջ, օրուան ծառայութեան աւարտէն յետոյ, հանգիստի ժամուն, քաղաքացիական ինքնաշարժով վթարի ենթարկուած են Պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի պայմանագրային զինուորներ:
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ ստացած վնասուածքներէն Նիքոլայ Սերեօժայի Սարգսեանը (ծն. 1981թ.) մահացած է, եւս չորս զինուոր տեղափոխուած է բժշկական հաստատութիւն: Անոնց վիճակը կը գնահատուի ծանր:
Կը կատարուի քննութիւն` դէպքին մանրամասնութիւնները լիարժէք պարզելու համար: