ՌԴ ԱԳՆ ղեկավար Սերկէյ Լաւրովը՝ ելոյթ ունենալով «Նոր գիտելիք» մարաթոնի մասնակիցներու առջեւ, պատմած է իր վախերու մասին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։
Ան ըսած է, որ կը վախնայ բարձրութենէն։
«Եկատերինպուրկի մէջ հանդիպումներէն մէկու ժամանակ ինծի բարձրացուցին «Ռուսական պղինձի ընկերութեան» շէնքի 28-րդ յարկ, որ ունէր ապակեայ պատ եւ կը նայէր դեպի փողոց։ Ահա ատկէց ես իսկապէս կը վախնամ։ Անկեղծ կը խօսիմ»,-պատմած է Լաւրովը՝ հեգնանքով աւելցնելով, որ վերջին շրջանին իրեն ոչ ոք վախցուցած է։