Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի շրջանակներն օրերս պահանջ ներկայացուցած են՝ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս.ին՝ իր պաշտօնին վերադառնալու վերաբերեալ։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Արեւելք»-ի՝ Լոս Անճելըսի աղբիւրներէն։
Յիշեցնենք, որ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս.-ը առողջական խնդիրներու պատճառով որոշ շրջան մը որոշած էր հեռու մնալ առաջնորդի իր պարտականութիւններէն. թեմայի մասին «Արեւելք»-ն օրին ներկայացուցած էր թեմի Խառն ժողովի կողմէ պատրաստուած իրազեկում- հաղորդագրութիւնը։
Իր պաշտօնավարութեան շատ կարճ ժամանակահատուածին Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս.-ը կարողացաւ ոչ միայն նոր եռանդ բերել Արեւմտեան Թեմին, այլեւ կարեւոր դերակատարում ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելեան գաղութներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն օժանդակութիւններ հասցնելու ուղղութեամբ։
ՑՈՒՊԸ ԱԹՈՌԻՆ
Ե՛ս եմ աթոռը եւ եկեղեցին,
Իսկ դուք՝ ժողովուրդ, ուրացա՞ք սուրբին,
Պարտաւոր ենք արդ սաստել անյապաղ,
Պահել՝ իրաւունք, սրբութիւն, մատաղ։
Ագահ աչքերով խեղդեցին յաճախ,
Տարիներն ի զո՜ւր լռեցին անճար,
Ի սէր՝ խոստացան աղբիւրներ կենաց,
Բայց մեր սրտերուն կարմիր ձիւն տեղաց։
Բա՛ւ է եղծանեն սէրը մեր սիրոյ,
Ու խեղաթիւրեն սիւնը մեր պատւոյ,
Բա՛ւ է անջատեն մեզ բարի լոյսէն,
Մեր բուռն հաւատքէն, մեր Առաջնորդէն։
Որ ծաղկազարդեց տարիները բարդ,
Դիմադրելով չար «ես»երուն հպարտ,
Մինչ սրտին խորքէն վեհ արծիւ ծնաւ,
Շունչն սպառելով զեփիւռներ տըւաւ։
Լոյսը՝ բարի է, Հայր իմ Սրբազան,
Դուք էք յոյսը լոկ լոյսերուն բաժան,
Պահանջատէ՛ր ենք ձեր վերադարձին,
Որ փառքը մնայ աթոռի ցուպին։
Կայլակ