image

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանն ապաքինման փուլի մէջ է

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանն ապաքինման փուլի մէջ է

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Ս. եպիսկոպոս Թորգոմ Տօնոյեանն առողջական խնդիրներու պատճառով հեռացած է պաշտօնէն։

Այդ առիթով կը ներկայացնենք առաջնորդարանի պարզաբանումը.

«Այսու կը յայտնենք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Թեմիս ժրաջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, առողջական պատճառով եւ բժիշկներու յանձնարարութեամբ, անմիջական հանգիստի կարիքը ունենալուն համար, այս հանգրուանին հարկադրաբար կը հեռանայ վարչական պարտականութիւններէ՝ ապաքինման ժամանակահատուած մը բոլորելու։

Առաջնորդ Սրբազանի ապաքինման շրջանին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան պիտի ըլլայ Առաջնորդ Սրբազանի ներկայացուցիչ եւ առաջնորդական գործակատար։

Խառն Ժողով

16, Փետրուար, 2024