ՀՀ ներքին գործոց նախարարութիւնը մինչեւ 10 օգոստոսը ժամանակ խնդրած է Էջմիածնի «Քիմիկներ»ու զօրամասէն 44-օրեայ պատերազմ մեկնած եւ մինչ օրս անհետ կորսուած համարուող զինծառայողներու ծնողներէն անոնց հարցին լուծում տալու համար։ Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած է անհետ կորսուած զինծառայողի մայր Կարինէ Մանաւազեանը։
Նշենք, որ ծնողերը 26 յուլիսի վաղ առաւօտէն փակած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտան ու Բաղրամեան–Պռոշեան հատուածը եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում պահանջած էին։ Աւելի ուշ անոնք բացին ճանապարհը, քանի որ իրաւապահները ծնողները հրաւիրեցին ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պետի տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Կարէն Յակոբեանի հետ հանդիպման։
«Հանդիպումն աւելի քան մէկ ժամ տեւեց։ Պայմանաւորուեցինք, որ ՀՀ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանը օգոստոսի 3-ին կու գայ արձակուրդից եւ մեր դիմումը, որը մենք յանձնեցինք նրանց, կը փոխանցի Նիկոլ Փաշինեանին, ու այդ հանդիպումը, իրենց ասելով, վերջապէս կը կայանայ։ Թէպէտ ես չեմ հաւատում»,–ըսած է Կարինէ Մանաւազեանը։
Ծնողները փոխոստիկանապետը զգուշացուցած են, որ եթէ այս անգամ ալ անոնց պահանջը չկատարուի, ապա կրկին պիտի փակեն փողոցները եւ այլեւս պիտի չբանան, մինչեւ չհանդիպին ՀՀ վարչապետի հետ։
«Նրանք կրկին ձգձգում են, բայց մինչեւ ե՞րբ... այդ ժամանակն էլ է անցնելու»,–ըսած է զինծառայողի մայրը։
Աւելի վաղ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի խօսնակ Նազելի Պաղտասարեանը «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած էր, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պարբերաբար կը հանդիպի անհետ կորսուածներու եւ զոհուածներու ծնողներու հետ։ Առաջիկային եթէ հանդիպում նախատեսուի, այդ մասին հրապարակային կը տեղեկացուի։