image

Ի՞նչ է Ամերիկայի խորհուրդը՝ Հայաստանին. Լաւրով մտահոգ է

Ի՞նչ է Ամերիկայի խորհուրդը՝ Հայաստանին. Լաւրով մտահոգ  է

Միացեալ Նահանգները «խորհուրդ կու տայ» Հայաստանին հրաժարիլ ռուսական ռազմակայանէն եւ սահմանապահներէն՝ փոխարէնը խոստանալով «անվտանգութիւն ապահովել», ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

«Գիտեմ, որ հայերուն, մենք այդպիսի տեղեկութիւն ունինք, անոնք (Միացեալ Նահանգները եւ անոր դաշնակիցները) կ'ըսեն, թէ իբր, եկէք մեր մօտ, քշեցէք ռուսերը ձեր տարածքէն, եւ սահմանապահները նոյնպէս, հանեցէք ռազմակայան, ամերիկացիները կ'օգնեն ապահովել անվտանգութիւնը։ Բացայայտ սադրանք։ Սա ալ դիւանագիտութիւն չէ... Չկայ այլեւս այդ դիւանագիտութիւնը։ Կայ ուղիղ կաշառք»,-ըսած է Լաւրով ռուսական հեռուստաալիքի հարցազրոյցին։

Ան նաեւ յիշեցուած է, որ Միացեալ Նահանգները յաճախ «կը գցէ» իր դաշնակիցները։

«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Արեւմուտքը կը վերաբերի անոնց հետ, որոնց հետ նախապէս ինչ-որ յոյսեր կապած է։ Ան «գցեց Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքին, որ «արաբական գարնան» սկիզբը արժանապատիւ հրժարական տուաւ, ոչ մէկ տեղ փախաւ... Միացեալ Նահանգները «գցեց» Աֆղանստանի ղեկավարութիւնը, որու վրայ կը յենէր այդ երկրի քսանամեայ բռնագրաւման ընթացքին»,- յիշեցուցած է Լաւրով։